2014-10-16 11:50:23

Իտալական եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը Իրաք այցելեց` Իտալիոյ եպիսկոպոսներու մօտիկութիւնը յայտնելու փախստական քրիստոնեաներուն։


(Ռ.Վ. 16 հոկտեմբեր 2014) Իտալական եպիսկոպոսական դասի մէկ պատուիրակութիւնը Իրաք այցելած է 13-16 Հոկտեմբեր 2014, հանդիպում ունենալու Քրիստոնեայ ու Եզիտի փախստականներուն հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունենալու երկրի իշխանութիւններուն ու տեղական Քարիթասի պատասխանատուներուն հետ։
Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոն` ընդհանուր քարտուղարը Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ու իտալական Քարիթասի տնօրէնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.